Արխիվներ

Ֆրանսուա Տեվեճեան կ՚ընդգծէ Արցախի մէջ ապահովութեան միջնադիր միջազգային ուժերու անհրաժեշտութիւնը

Փաթրիք Տեվեճեանի որդին՝ Ֆրանսուա Տեվեճեան Թուիթըրի իր էջին տեղադրած պատգամով կ՚ընդգծէ Արցախի մէջ միջազգային միջնադիր ուժեր տեղակայելու անհրաժեշտութիւնը։

«80-օրեայ շրջափակումը չի բաւեր Ալիեւի բռնակալութեան, որ Հայերը քշելու համար իրենց հողերէն, դարձեալ կը կրակէ քաղաքացիական բնակչութեանց վրայ։

Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ են միջազգային միջնադիր ուժերը», գրած է ան իր պատգամին մէջ։

Արդարեւ, «Արցախփրէս» Մարտ 1-ին կը տեղեկացնէր, թէ նախորդ օր ժամը 16.55-ի շուրջ Մարտունիի շրջանի Միւրիշէն գիւղի 53-ամեայ բնակիչ մը երբ իր թրաքթէօրով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կը կատարէր, հակառակորդի մարտական դիրքերէն հրաձգային տարբեր տրամաչափի զէնքերով կրակահերթեր արձակուած են անոր ուղղութեամբ, որու հետեւանքով դադրեցուած են գիւղատնտեսական աշխատանքները: Բարեբախտաբար տուժող չէ եղած։ ■