Արխիվներ

Փրանկիսկոս Պապը նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին շնորհած է եկեղեցական հաղորդութիւնը

Սեպտեմբեր 24-ի առաւօտեան, Փրանկիսկոս պապը հանդիպում ունեցած է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին ու անոր ընկերացող Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սինոդոսական հայրերուն հետ:

Հանդիպումին, պապը նորընտիր պատրիարքին յանձնած է «Եկեղեցական հաղորդութեան» վաւերագիրը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ «ինք եւս կը միանայ եկեղեցւոյ ուրախութեան` պատրիարքի ընտրութեան համար», նշելով որ՝ «Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդի իւրաքանչիւր հայ կաթողիկէ զաւակ կը սպասէր իր հովիւին, որպէսզի անկէ ճանչցուի, կոչուի իր անունով եւ առաջնորդուի Աւետարանի զօրեղ եւ հեզ խօսքով»:

Վաւերագրին մէջ գրուած է, որ սրբազան քահանայապետը կը հաստատէ, որ ինք լաւապէս կը ճանչնայ հայ ժողովուրդը` իբրեւ «տառապելու մէջ» մասնագէտ, «անոր քրիստոնէական 1700 տարիներէ աւելի պատմութեան ժամանակ ենթարկուած փորձութիւններուն ու նաեւ անոր անսպառ կարողութեան համար` վերածաղկելու եւ պտուղ տալու, իր սուրբերուն եւ նահատակներուն սրբութեան ու իմաստութեան միջոցով, իր վարդապետերու եւ մտաւորականներու մշակոյթին ու իր արուեստին միջոցով, որ գիտէ ժայռին մէջ քանդակել խաչը` որպէս կեանքի ծառ, որ վկայութիւնն է հաւատքի յաղթանակին աշխարհի որեւէ հակառակ ուժի վրայ»: