Արխիվներ

Արցախի եւ Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանները անդրադարձած են Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական կացութեան

Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Անահիտ Մանասեան իր նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Արցախի  ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանի հետ։

Մանասեան ընդգծած է Արցախի իր պաշտօնակցին հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Կողմերը անդրադարձած են Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական իրավիճակին, մարդկային իրաւանց խախտումներուն, քննարկելով անոնց հասցէագրման կարելիութիւնները։

Գեղամ Ստեփանեան շնորհաւորած է Մանասեանը՝ վերջինիս պատասխանատու առաքելութեան ստանձնման կապակցութեամբ եւ վերահաստատած փոխադարձ գործակցութեան իր յանձնառութիւնը: