Արխիվներ

Ֆրանսայի նախագահը ընդունած է Արա Թորանեանը եւ Մուրատ Փափազեանը

Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Յունուար 23-ին ընդունած է հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանը եւ Մուրատ Փափազեանը։

Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները նախագահին հետ քննարկած են 2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ յառաջացած մարդասիրական ծանր կացութիւնը եւ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգները։

Համանախագահները ողջունած են Նախագահ Մաքրոնի հայութեան ցուցաբերած ուշադրութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ Ֆրանսա աւելի գործուն դերակատարութիւն կ՚ունենայ Արցախի բնակչութեան պաշտպանութեան պատասխանատւութեան ուղղութեամբ։