Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեան Սիտնիի մէջ հանդիպում ունեցած է հայ համայնքին հետ՝ ներկայացնելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի եւ Արցախի մէջ ազերպայճանական պատերազմական յանցանքներու փաստերը, զորս հաւաքագրած է Հիմնադրամը։
Հանդիպումին ներկայ եղած են հանրային գործիչներ, փորձագէտներ, լրագրողներ։
Թաթոյեան մանրամասնօրէն ցոյց տուած է ազերպայճանական վերջին ներխուժումներու հետեւանքները՝ Ջերմուկ քաղաքին, Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ՝ շեշտելով, որ փաստերը կ՚ապացուցեն, որ Ազերպայճան թէ՛ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներուն, թէ´ գիւղերու հարեւանութեամբ ու ճամբաներուն վրայ իր անօրինական զինուած տեղակայումներու ամրացման աշխատանքներ կը տանի, նոյնիսկ կը պատրաստուի ձմեռ ատեն կառուցելու զինուորական ճանապարհներ, դիրքեր, շինութիւններ ու ապաստանարաններ։
Հիմնադրամի տնօրէնը տեղեկացուցած է, որ ազերպայճանական կողմի կրակոցները Հայաստանի սահմանային դարձած գիւղերու դրացնութեամբ ամէնօրեայ բնոյթ կը կրեն։ Անոնք բնակիչները կ՚ահաբեկեն. կեանքը այդ գիւղերու մէջ անկարելի դարձուցած են։
Արման Թաթոյեան ներկայացուցած է նաեւ Արցախի բնիկ ժողովուրդի` հայ ժողովուրդի անբաժանելի մասը համարուող ինքնորոշման իրաւունքի հիմքերը: Ապացոյցներով հիմնաւորուած է հայատեացութեամբ ու թշնամանքով հովանաւորուող ազերպայճանական քաղաքականութեան շարունակականութիւնը։
Ան շեշտած է, որ Ազերպայճան կը մոլորեցնէ միջազգային հանրութիւնը, իրականութեան մէջ չունի խաղաղութեան մտադրութիւն: Առաջնահերթ ու հրատապ է ազերպայճանական բանակի նահանջը ո՛չ միայն Հայաստան ներխուժած տարածքներէն, այլ նաեւ Հայաստանի գիւղերու մօտէն ու համայնքներու միջեւ ճամբաներէն, պէտք է հաստատուի ապառազմականացուած անվտանգութեան գօտի, որպէսզի վերականգնուին ժողովուրդի բնականոն կեանքը, իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը:
Թաթոյեան ընդգծած է հանրային զօրակցութեան ու բոլորի ջանքերու համատեղման կարեւորութիւնը երկրին առջեւ ծառացած անվտանգութեան խնդիրներու լուծման տեսանկիւնէն։ Ան ներկաներուն կոչ ըրած է Հայաստան այցելութեան ընթացքին անպայման երթալ մարզերը, սեփական աչքերով տեսնել սահմանային դարձած գիւղերուն վիճակը։
Նշենք, թէ Արման Թաթոյեանի այս այցելութիւնը կազմակերպուած է Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէերով, որու ընթացքին տեղի կ՚ունենան շարք մը հանդիպումներ ու քննարկումներ՝ Հիմնադրամի գործունէութեան ուղղութիւններուն եւ կատարուած աշխատանքներուն առնչութեամբ։









