Արխիվներ

Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանին ռազմակայան կը կառուցէ

 

«Արմէնփրէս» յղում ընելով թրքական լրասփիւռներուն, կը հաղորդէ, թէ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանին՝ Արարատ լեռան վրայ ռազմակայան կը կառուցէ։ 

Ծովի մակերեսէն 2 100 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող ռազմակայանը պիտի օժտուի մութին բանող տեսախցիկներու ժամանակակից համակարգերով եւ ինքնակառավարուող զէնքերով։

Նոյն աղբիւրները կը տեղեկացնեն, թէ Թուրքիա այս ռազմակայանը կը կառուցէ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար»։